2013-01-04 12:05:49

Մեծ Պայթում` Դամասկոսի Պարզէ Շրջանին Մէջ.


Երէկ ուշ գիշերին Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող քանի մը օրերուն սուրիական բանակի զինուած ուժերը կարգ մը արուարձաններու մէջ բազմաթիւ գործողութիւններ կը կատարէին զինեալ խմբակներ հալածելու միտումով, մինչ զինուորական օդանաւները կը սաւառնէին քաղաքին վրայ եւ կը լսուէին հրացանաձգութեան ու թնդանօթներու հարուածներու ձայներ` մայրաքաղաքին մօտ ծայրամասերուն մէջ արձանագրուած բախումներուն իբրեւ արդիւնք:
Միւս կողմէ, Եարմուք գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով շրջանը դարձած է մարտի դաշտ եւ տեղւոյն բնակիչները տակաւին կը փորձեն տեղափոխուիլ այլ ապահով շրջաններ:
Իսկ երէկ երեկոյեան Դամասկոսի Պարզէ շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ վառելանիւթի կայանի մը մէջ. պայթումը շրջանի տարածքին մէջ մեծ հրդեհ պատճառեց ու խլեց տասնեակ մը զոհեր եւ անոր պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան երկու տասնեակ վիրաւոր քաղաքացիներ, որոնք վառելանիւթ ապահովելու համար հերթի կը սպասէին:








All the contents on this site are copyrighted ©.